ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ուխտի Պատարագ “Սբ․ Աստուածածին” Եկեղեցւոյ Մէջ

DSC_0320

Պաղտատի “Սբ․ Աստուածածին” հնամեայ եկեղեցին (հիմն․1639թ.) մեծածաւալ բարենորոգութիւններու ենթարկուելու առիթով՝ (տե’ս Յունուար 23 թուակիր հաղորդագրութիւնը) (խմբ․) Առաջնորդ Սրբ․ Հայրը բացումը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարին, ապա, հաւատացեալներու  հոծ բազմութեան ներկայութեամբ “Ուխտի Պատարագ” մատուցեց բարեզարդուած եկեղեցւոյ մէջ։ Յիշելու ենք, որ Սբ․եւ անմահ պատարագը Հայկական հին տոմարի համաձայն, զուգադիպեցաւ Քրիստոսի Ծննդեան թուականին, որու մասին անդրադարձաւ Սրբ․ Հայրը իր քարոզին մէջ։  Այս հոգեպարար արարողութեանց, ներկայ էր ՀՀ դեսպանութեան կցորդ՝ Պր․ Ալիք Ղարիպեան, հոգեւորկանաց դասը, կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք  եւ այլ հիւրեր։

 

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: