2019-ի Յունուար 23-ին առաջնորդարան այցելեց Պաղտատի նահանգապետ՝ Պր․ Ֆալահ Ալ-Ճէզաըրի, որը դիմաւորուեցաւ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ՝ Գեր․ Տ․ Աւագ արք․ ասատուրեանի կողմէ։ Այս առիթով Իրաքի Հայոց առաջնորդարանիս մէջ հաւաքուած էին ՝՝Կրօններու Երկխօսութեան Խորհուրդ՝՝ի Իսլամ եւ Քրիստոնեայ հոգեւորականները, ՝՝Քրիստոնեայ Կրօնապետերու Խորհուրդ՝՝ի ներկայացուցիչները եւ կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան զանազան նիւթեր, մանաւանդ Քրիստոնեայ եւ Իսլամ ժողովուրդի միջեւ եղած համերաշխ յարաբերութիւններու հզօրացման հարցը։