ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Տեառընդառաջ

27657973_10156277987573982_6336845412727975261_n-450x330

Տեառընդառաջը Հայկական ժողովրդական հնագոյն տօներէն մէկն է: Եկեղեցին՝ նախաքրիստոնէական շրջանէն եկած այս տօնը, կապած է քառասնօրեայ մանուկ Քրիստոսը տաճարին ընծայելու տօնին, ուր մարգարէութեան համաձայն Քրիստոսին պիտի ընդունէր Սիմէոն ծերունին, որուն խոստացուած էր հոգին չաւանդել մինչեւ Փրկիչը տեսնելը: Տեառընդառաջ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ երթալ։ Տօնակատարութիւնները կը սկսին Փետրուար 13-ի երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին որմէ ետք մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ վառած մոմէն կը վառեն իրենց մոմերը` Քրիստոսի փրկարար լոյսի խորհրդանիշը իրենց հետ տանելով տուն։ Ժողովրդական աւանդոյթի համաձայն` եկեղեցիէն դուրս բերուած մոմի կրակով կը վառեն նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։ Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի, «ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք»։ Տեառընդառաջը կը կատարուի Փետրուար 14 ին: Ինչպէս Սիմէոն ծերունիին ընդառաջ գնաց Տիրոջ, այդպէս ալ մարդիկ կ՛ուզեն ընդառաջ երթալ Գարնան եւ Արեւին: Բնական զուգորդութիւն մը կը ստեղծուի՝ Յիսուսի եւ լոյսի, արեւի ու կրակի միջեւ: Խարոյկը Գարնան հրաւէր է: Առաջին խարոյկը կը վառի եկեղեցւոյ բակին մէջ ուրկէ կիներ խանձող (այրած բայտ) կը բերեն իրենց տան կրակը եւ լապտերը վառելու: Խարոյկի մոխիրը կը թափեն արտերուն ու այգիներուն մէջ, որ դաշտերուն մէջ հացը առատ ըլլայ, այգիներուն մէջ՝ պտուղը, հաւերը ըլլան ածան բոլոր կենդանիները ձագ բերեն: Նորապսակ հարսերը կը ցատկեն խարոյկին վրայէն, որպէսզի զաւակ ունենան: Կրակին մէջ կ՛այրէն հին ու անպէտք իրերը, որպէսզի խափանեն չարը եւ ուժ տան տարապողներուն:

(Աղբիւր՝ ՀայկԱշխարհ)

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: