Հայուհիին Նուէրը Քէրքուկի Ասորի Համայնքի Մշակութային Կեդրոնին
Posted on
Ուրբաթ՝ Փետրուար 22-ին, Քէրքուկի հայ համայնքի զաւակներէն՝ օրդ. Արմինէ Սարգիսեան իր նկարչական աշխատանքներէն՝ իւղանկար մը նուիրեց ասորի համայնքի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ բացուած «Սելովամ» մշակութային կեդրոնին։ Բացման արարողութեան ներկայ էին պատգամաւոր պրն․Իմատ Եուխաննա եւ եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը ինչպէս նաեւ Քէրքուքի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ՝ պրն․Մասիս Սարգիսեան։