ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Սրբապատկերի Օծում

DSC_0371

2019-ի Մարտի 3-ին, Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ  թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի ընթացքին օծուեցաւ 40 Մանկանց նուիրուած Սրբապատկեր, որուն հեղինակն է Իրաքահայ գեղանկարիչ Անդրանիկ Օհաննէսեան։ Պատարագէն ետք կատարուեցաւ սոյն եկեղեցւոյ վերանորոգման օժանդակող  անձանց շնորհակալագրերու յանձման արարողութիւն։  Ձեռնարկին ներկայ էր Իրաքի մօտ  ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեանը։

Print Friendly, PDF & Email