Դասախօսութիւն Վարդանանց Տօնի Առիթով
Մարտ 4, 2019-ին Հայոց Ազգային վարժարանի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ Հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեան, վարժարանի աշակերտներուն Վարդանանց պատերազմի պատմութեան մասին «Աւարայրի Ճակատամարտ» խորագիրով դասախօսութիւն կարդաց։
Սրբապատկերի Օծում
2019-ի Մարտի 3-ին, Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի ընթացքին օծուեցաւ 40 Մանկանց նուիրուած Սրբապատկեր, որուն հեղինակն է…
Բարեկենդանը Պաղտատի Ազգային Ծերանոցին Մէջ
Մարտ 3, 2019-ին, Մելինէ Իսքէնտէրեանի անուան Ազգային Ծերանոցի խնամակալ յանձնախումբը, ծերանոցի բնակիչներու մասնակցութեամբ՝ կազմակերպեց խրախճանք մը Մեծ Պահքի բարեկենդանի առիթով։ Խրախճանքին ներկայ էր արժանապատիւ Տ․ Գէորգ քհնյ. Արշակեան։
Սբ․ Եւ Անմահ Պատարագ Վարդանանց Տօնի Առիթով
2019-ի Մարտի 1-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, Վարդանանց տօնին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն 1988-ի…
Հայուհիին Նուէրը Քէրքուկի Ասորի Համայնքի Մշակութային Կեդրոնին
Ուրբաթ՝ Փետրուար 22-ին, Քէրքուկի հայ համայնքի զաւակներէն՝ օրդ. Արմինէ Սարգիսեան իր նկարչական աշխատանքներէն՝ իւղանկար մը նուիրեց ասորի համայնքի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ բացուած «Սելովամ» մշակութային կեդրոնին։ Բացման արարողութեան ներկայ էին…
Ղեւոնդեանց Տօնին Յիշատակումը Պաղտատի մէջ
Փետրուար 26-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ նշուեցաւ Ղեւոնդեանց տօնը մասնակցութեամբ կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ Առաջնորդարանի անձնակազմին։ Ներկաները իրենց բարեմաղթանքները յայտնեցին Սրբազան Հօրը եւ քահանաներուն։ Աւարտին Սրբազան Հայրը իր հայրական…