Ապրիլ 3-15, Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի հրաւէրով, Իրաքի թեմ այցելեց Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Գարեգին վրդ․ Համբարձումեան։ Ան ներկայ գտնուեցաւ Էրպիլի նորակառոյց Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բացման եւ օծման արարողութեան։ Հայր սուրբը Պաղտատի Ազգային Վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ թեմիս աշակերտներուն եւ երիտասարդութեան հետ, փոխանցելով անոնց տեղեկութիւներ ճեմարանին մէջ առկայ առաջընթացին եւ ուսման բարձր մակարդակին վերաբերեալ։ Յաջորդ օրերուն Հայր սուրբը այցելեց Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ շրջակայ տեսարժան վայրերը։