Skip to content
Կիրակի՝ ապրիլ 14-ին, Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդանիստ Սբ․Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ հանդիսապետութեանբ թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, նշուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ՝ Ծաղկազարդը, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Ամնահ պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր օրերս Իրաքի հայոց թեմ այցելող՝ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Գարեգին վրդ․ Համբարձումեան։ Յաւարտ սրբ. պատարագի հաւատացեալ բազմութեան բաժնուեցան ձիթենեաց ճիւղեր, այնուհետեւ՝ երեկոյեան կատարուեցաւ դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւնը:
Like this:
Like Loading...