Ապրիլ 10-ին, Պաղտատի «Ալ-Մուսթանսրիա» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Իրաքի Կրօնական Փոքրամասութիւնները Պատմութեան Մէջ» խորագիրով հաւաքոյթ։ Գեղանկարիչ Պր․ Անդրանիկ Օհաննէսեան համագումարի ընթացքին ցուցադրեց ցեղասպանութիւնը մարմնանցնող իր գործերէն՝ 10 իւղանկար։ Այս համագումարին ներկայ էին նաեւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պր․ Միլքոն Միլքոնեան եւ վարչութեան անդամ Պր․ Կարապետ Գալուստեան: