Month: Ապրիլի 2019

Խաղաղութեան Համագումար Պաղտատի Մէջ

Ապրիլ 11-ին, Արաբ պատմաբաններու միութիւնը Պաղտատի մէջ կազմակերպած էր «Խաղաղութիւն Իսլամ եւ Քրիստոնեայ Կրօններու Միջեւ» խորագիրով համագումարը։ Համագումարին մասնակցած էր գիտնական, հայագէտ Դոկտ․ Սալըհ Զահըր Ալ-Տինը, որ ելոյթ ունեցաւ ներկայացնելով…

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Տիրամօր Աւետման տօնին առիթով

Ապրիլ 7-ին, Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Տիրամօր Աւետման տօնին առիթով։ Պատարագիչն էր՝ Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեան։ Պատարագի աւարտին տօնին առիթով նուէրներ բաշխուեցան «Մարիամ»…

ՀՄԸՄ-ի մէջ դասախօսութիւն՝ Տիրամօր Աւետման տօնին առթիւ

Ապրիլ 6-ին, Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Տիկնանց յանձնախումբին` երէցկին Ծովինար Իշխանեան դասախօսութիւն մը կարդաց՝ Տիրամօր Աւետման տօնին առթիւ։ Դասախօսութենէն ետք կատարուեցան մրցումներ, աւանդական-ձեռագործ իրերու ցուցադրութիւն եւ նուէրներու բաշխում։

Մանկական Հագուստներու Ցուցադրութիւն Միջինքի Առիթով

Մարտ 28-ին, երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով, ՊՀԵԵ միութեան սրահին մէջ, միութեան Տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց խրախճանք, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ մանկական հագուստներու ցուցադրութիւն: Օրուան կազմակերպիչները յանձնախումբ…