ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Դպրոցական Հանդէս Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, Հայոց Ազգային Վարժարանը Ապրիլ 27-ին, Կիւլպէնկեան սրահին մէջ ձեռնարկ մը կազմակերպեց նուիրուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին: Հանդէսը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, այնուհետեւ հնչեցին ազգային բանաստեղծութիւններ ու երգեր: Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պր․ Մելքոն Մելքոնեանը օրուայ առիթով իր խօսքին մէջ խրախուսեց փոքրիկներուն ու երիտասարդներուն ազգային սկզբունքները չխախտելու եւ 1․5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը մշտապէս վառ պահելու եւ Հայ ազգի իրաւունքները պահանջելու վսեմ պարտականութեան մէջ։  Ձեռնարկը փակուեցաւ Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ Վրդ․ Սարգիսեանի օրհնութեան խօսքով։

Print Friendly, PDF & Email