Պաղտատի Հայոց Ազգային Մանկապարտէզի Աւարտական Հանդէսը
Posted on
Հայոց ազգային մանկապարտէզը, Մայիս 11-ին, կազմակերպեց 6 մանուկներու աւարտական հանդէս: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական Աղօթքով ապա հնչեց Իրաքի հիմնը: Մանկապարտէզի տնօրէնուհի՝ Տիկ․ Այտա Եսայեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ՝ նշելով հայեցի դաստիրակութեան կարեւորութիւնը եւ ծնողներու ներդրումը այդ գործին մէջ։ Հանդէսի աւարտին Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան խօսքը յղեց մանուկներուն եւ ծնողներուն յորդորելով զանոնք յաղթահարելու ոսոխին գիտութեամբ եւ կրօնական-ազգային դաստիարակութեամբ, ապա աւարտող աշակերտներուն յանձնեց վկայականներ ու նուէրներ: Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան մանկական զանազան երգեր ու պարեր։ Օրուան ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, կրթական յանձնախումբը, մանուկներու ծնողներն ու հիւրեր։