ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՊԱՍՐԱ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Այցը Պասրա

Յունուար 24-27, 2020-ին, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան հովուական այցով Պասրա մեկնած է։ Շաբաթ՝ Յունուար 25-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր «Սբ․ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ եղած են Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Պրն․ Գէորգ Գատոյեան, Պասրայի հայ համայնքի թաղական խորհուրդի անդամները  եւ հաւատացեալ ժողովուրդէն։ Յաւարտ Սուրբ պատարագի Սրբազան Հայրը հանդիպում մը ունեցաւ Քրիստոնէայ համայնքներու կրօնապետերու հետ։

Print Friendly, PDF & Email

%d