24 Մայիս 2021-ին, Տըհոքի նահանգապետ՝ Տօքթ․Ալի Թաթար ընդունեց Հայաստանէն ժամանած ակնաբոյժները, որոնց կ՛ուղեկցէին Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան եւ Էրպիլի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Արշակ Մանուկեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ բժշկական ոլորտի համագործակցութիւնը, այնուհետեւ հիւրերը այցելեցին Տըհոքի Ակնաբուժական կեդրոնը: Շրջայցը աւարտեցաւ այցելութեամբ Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի, այնտեղ հիւրերը դիմաւորեցին Տըհոքի հոգեւոր հովիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Երուանդ Ամինեան։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ
مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق