Սուրբ Աստուածածին Վերափոխման Տօնը Զախոյի Մէջ
15 Օգոստոս 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ մատուցանեց Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան։ Ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի կարգը։