5 Յունուար 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Սուրբ պատարագը, իսկ Յունուար 6-ին՝ Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը, որուն յաջորդեց Ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Ներկայ էին ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները, հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։












