ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՀԵԿ

Տարածաշրջանի Երիտասարդական Ժողով Գահիրէի Մէջ

Օրհնութեամբ՝ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց եւ ջանիւք Եգիպտոսի եւ Ափրիկէի Հայոց Առաջնորդ  Գերաշնորհ Տ․ Աշոտ Եպս․ Մնացականեանի, 1-3 Ապրիլ 2022-ին, Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ տարածաշրջանի երիտասարդներու ժողով։ Օրհնութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Իրաքի ՀԵԿ-ը յանձինըս Արման սրկ․ Պալեանի եւ Յարութիւն Թաքէսեանի  իր մասնակցութիւնը բերաւ այս համագումարին։ Ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդները ուսուցանելու նոր հնարներ եւ առկայ խնդիրներուն տալ նոր լուծումներ։ Ժողովներու աւարտին Իրաքի պատուիրակութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Թուատրոս Բ-ի հետ։

Print Friendly, PDF & Email

%d