-Երրորդ օր-
Հովւական այցելութեան երրորդ օրը առաւօտուն, Առաջնորդ Հայր Սուրբը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պարոն Մելքոն Մելքոնեանի եւ Պասրայի Թաղականութեան Անդամ՝ Պարոն Նովագ Պետրոսեանի հետ այցելեց Պասրայի Նահանգապետ Տիար Ասաատ Ալ-Իիտանի-ին, որը ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց: Իր խօսքին մէջ Պարոն Նահանգապետը Քրիստոնէութեան ու յատկապէս Հայերու մասին սրտաբուխ զգացմունքներով արտայայտուեցաւ, զանոնք նմանցնելով գոյնզգոյն եւ բուրումնաւէտ ծաղիկներու: Հայր Սուրբը իր հերթին, ապա Պարոն Մելքոնը հակիրճօրէն խօսեցան Պասրայի Հայութեան պատմականի մասին եւ անոնց բերած ներդրումին Պասրայի քաղաքական եւ ընկերային վերելքին մէջ:
Հանդիպման աւարտին Հայր Սուրբը իր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնեց Նահանգապետին ընդունելութեան համար:







