Իրաքի Հանրապետութեան Արտ. Գործոց Նախարարութեան հրաւէրով այս օրերուն Իրաք գտնուող ՀՀ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Արտ. գործերու նախարարի տեղակալ՝ Տիար Վահէ Գէորգեանի եւ մասնակցութեամբ Արտ. Գործերու Նախարարութեան երրորդ քարտուղար Տիար՝ Ռուբէն Սողոյեանի եւ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի Նախարարութեան Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման եւ Տարածման բաժնի պետ՝ Տիար Գառնիկ Մոմճեանի՝ առիթը ունեցաւ Շաբաթ օր երեկոյեան այցելելու Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին եւ Առաջնորդարանը: Բարձրաստիճան հիւրերուն հիւրընկալեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու անդամները:
Կը կարեւորենք յիշել որ պատուարժան հիւրերը ամսոյս 4-5 օրերուն կը մասնակցին Իրաքի Պետութեան կազմակերպած «Հնագոյն Քաղաքակրթութիւններու 6-րդ Նախարարական Ֆորում»ին منتدى الحضارات العريقة:
Հանդիպման ներկայ էր Իրաքի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատար Տիար Ալիք Ղարիպեանը: