Նոր Տարուան առիթով, Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, Ուրբաթ Դեկտեմբերի 30ին Ազգային Ծերանոցի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երկու բարձրաստիճան հոգեւոորականներ, յանձին՝ Պաղտատի Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Իւսուֆ ԱԱպա արքեպիկոպոսին եւ նոյն եկեղեցւոյ Պասրայի եւ Ծոցի երկիրներու Առաջնորդ Ֆիրաս Տրտր արքեպիսկոպոսին:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հոգեւորականները բարեմաղթանքներ ու շնորհաւոարնքներ փոխանակեցին աղօթք բարձրացնելով Առ Աստուած, որ 2023 թուականը ըլլայ օրհնաբեր եւ բարեբեր տարի:

About The Author

By iamc