Յունուարի 11-ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը այցելեց Ղպտիներու Առաջնորդարանն ու կառուցման ընթացքի մէջ եղող Մայր տաճարը:
Հայր Սուրբին դիմաւորեց Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Ապունա Մինա Ալ- Օրշէլիմին:
Շնորհաւորանքներ փոխանակելէ ետք, հոգեւորականները զրուցեցին երկու քոյր եկեղեցիները յուզող հարցերու մասին, որմէ ետք ինժինէր Սլիուա Լազարի ընկերակցութեամբ շրջագայեցին կառուցուող տաճարին մէջ ծանօթանալով տարուող աշխատանքներուն:
Հանդիման ներկայ էր Քաղդէացւոց Սրբազան Շիլիմոն Ուարտունի Արքեպիսկոպոսը:









