Այսօր`  Օգոստոս 13ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին, հանդիսաւոր Ս. և  Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Քէրքուկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը։ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ  Խաղողօրհնէքի և Հարիսայի օրհնութիւն, այնուհետև եկեղեցւոյ կից սրահի յարկին տակ, իբրեւ սիրոյ ճաշ ներկաներուն հրամցուեցաւ Հարիսան. այստեղ Հայր Սուրբը խօսեցաւ օրուայ խորհուրդի մասին։ Կը կարեւորենք յիշել որ այս հոգեպարար արարողութեանց իր մասնակցութիւնը  բերաւ Էրպիլի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը, ուր ներկայ եղան նաև հաւատացեալներ  Էրպիլ քաղաքէն։

About The Author

By iamc