Այսօր առաւօտուն, Փետրուարի 20ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի  նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը և քանի մը պատասխանատուներ։ Ողջոյնի եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք`  հիւրերը առաջնորդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի ուր ժամանակէ մը ի վեր կը կատարուին հիմնաւոր նորոգութիւններ։

Յատկանշական է որ այդ  նորոգութիւնները կը հովանաւորուին յիշեալ  Աւանդապահութեան Դիւանի կողմէ , անմիջական հետեւողութեամբը Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդին։

Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ պարոն Վարդան Մոնճողլեանը։

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ

Լուսանկարները` Վահիկ Աւետիսեան

About The Author

By iamc