Ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` հինգշաբթի օր, ամսոյս 23ին, Պաղտատի Ազգային Վարժարանը եւ Մանկապարտէզը ձեռնարկ մը կազմակերպեցին նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։ Այս առիթով վարժարանի փոքրիկները հանդէս եկան ազգային բանաստեղծութիւններով ու երգերով։ Ձեռնարկին ներկայ եղան կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք, քահանայ հայրերը, Ազգային նախակրթարանի տնօրէնը, դպրոցի տեսչուհին եւ ուսուցչական կազմը։
Լուսանկարները’
Օրդ. Մարիամ Մարտիրոսեան































