Հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, եւ մասնակցութեամբ Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի, Քրիստոսի Սուրբ Այլակերպութեան (Պայծառակերպութեան) տօնին առիթով, Կիրակի, 12 Յուլիս 2026-ին, Պաղտատի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Պատարագիչն էր Արժ.  Տ. Սեպուհ քհնյ. Պաղտասարեանը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Անդաստանի կարգը։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը եւ վարչութեան անդամներէն ոմանք։

Լուսանկարները’

Պրն. Մասիս Մեսրոպեան

About The Author

By iamc