Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Անդրանիկ Վրդ․ Գեւորգեանը, 16 Նոյեմբեր 2026-ին, ընդունեց Իրաքի եւ համայն աշխարհի Քաղդէացւոց Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Մար Փոլիս Գ. Նունան՝ եւ ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Վասիլիոս Եպս․ Ելտայի եւ Պատրիարքին Գրասենեակի Տնօրէն՝ Արժ. Տ. Քարամ Քաշայի։
Այցելութեան ընթացքին հիւրերը իրենց շնորհաւորանքները յայտնեցին նորընտիր Առաջնորդին՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն։
Հանդիպման ներկայ էին Արժ․ Տ․ Գեւորգ քհնյ․ Արշակեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը եւ անդամներէն ոմանք։
Լուսանկարները՝
Օրդ։ Մարիամ Մարտիրոսեան





