Ս․ ՎԱՐԴԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Առաջնորդարանը, տարիներ առաջ կատարած իր խոստումին հաւա- տարիմ այս գիւղի եկեղեցական պահանջները գոհացնելու, իր միջնորդութեամբ յաջողեցաւ մարդասէր հաստատութեան մը յանձնառութիւնը ապահովել գիւղին մէջ եկեղեցի եւ քահանայի բնակարան մը կառուցելու: Նախնական աշխատանքները լրացած ըլլալուն, թեմիս առաջնորդ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեան հիւսիսային շրջանի համայնքին տուած այցելութեան ընթացքին 13 Մայիս 2000 թուականին, հիմնարկէքը՝ կատարեց կառուցուելիք եկեղեցւոյ: Շինարարութեան աւարտին առաջնորդ Սրբազան հայրը 29 Ապրիլ 2001 թուականին, Աշխարհամատրան կիրակիին առթիւ իր տուած հովուա- կան այցելութեան ընթացքին օծում՝ կատարեց զայն կոչելով՝ Ս.Վարդան Հաստատեալ եկեղեցի, մատուցելով առաջին Սուրբ եւ անմահ պատարագը: Սրբազան հայրը քարոզի ընթացքին շնորհաւորեց գիւղի բնակիչները եւ յորդորեց, որ անոնք ըլլան Վարդան Մամիկոնեանի պէս քաջարի հաւատացեալներ պահպանելով պապենական սրբութիւններն ու ազգային աւանդութիւնները: Առաջնորդարանն ալ նուիրեց ելեքտրածին մեքենայ մը՝ գիւղի գործածութեան համար: