ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՊՀԵԵՄ

Գարեգին Նժդեհի Ֆիլմի Ցուցադրութիւն

201802172215191000

Սոյն թուականի Փետրուարի 17-ին  Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կազմաւորման հարիւր ամեակի միջոցառումներուն յարակից, ՊՀԵԵ Միութիւնը կազմակերպեց “Գարեգին Նժդեհ” անունով ֆիլմի ցուցադրութեան երեկոյ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վրդ․Սարգսեանը, ՀՀ դեսպան Պր․Կարէն Գրիգորեանը եւ դեսպանութեան կցորդ պր․Սմբատ Խաչատրեանը ինչպէս նաեւ Պաղտատի հոգեւոր հովիւները, Ազգային Կենդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները, միութեան վարչականները, քոյր միութիւններու ներկայացուցիրները եւ հիւրեր։ Երեկոն զարդարեց Անդրաիկ Օնաննէսեանի կողմէ գծուած ու միութեան նուիրուած Գարեգին Նժդեհի դիմապատկերը։ Աւարտին Հայր Գաբրիէլը իր օրհնութեան խօսքն ու գնահատականը յղեց ներկաներուն եւ կազմակերպիչներուն։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: