Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, Կիրակի, Մայիսի 28-ին, Պ.Հ.Ե.Ե. միութեան սրահին մէջ կազմակերպեց գրական- գեղարուեստական երեկոյ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-րդ ամեակին։
Ձեռնարկին սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան կատարողութեամբ՝ հնչեց Հայաստանի հիմնը, ապա բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր՝ Պրն. Պերճ Թիւֆէնկճեան:
Այս պանծալի օրուան առիթով, իր սրտաբուխ խօսքը արտասանեց Իրաքի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատար՝ Պրն․ Ալիկ Ղարիպեան:
Հոգեւոր ու Հայրենասիրական երգերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ՝ յայտագրին մաս կազմեցին երկսեռ երիտասարդութիւն։ Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդի Օրհնութեան խօսքով:














