Month: Մարտի 2018

Ծաղկազարդի Արարողութիւն Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ

Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանի, Մարտ 25, 2018թ.-ին, Պաղտատի առաջնորդանիստ Սբ․Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ տօնակատարութիւնը (Ծաղկազարդ)։ Ծէսի աւարտին Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ…

Այցելութիւն Իրաքի Հիւսիսային Շրջաններու համայնքներուն

Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը 2018-թ.ի մարտ 21-24 օրերուն այցելեց Իրաքի հիւսիսային շրջան՝ Էրպիլ, Զախօ, Տըհօք, Աւզրուկ եւ Հաւրեսք, մօտիկէն իրազեկ ըլլալու համայնքներու տնտեսաքաղաքական անցուդարձին ու խնդիրներուն։ Այցելուները հանդիպում ունեցան համայնքներու հոգեւորականաց…

Եկեղեցապետերու Հերթական ժողով

Կազմակերպութեամբ` Իրաքահայ թեմի առաջնորդ եւ քրիստոնեայ համայնքապետերու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանի, գումարուեցաւ Իրաքի եկեղեցապետերու ժողով, որուն մասնակցեցաւ Ռուս եկեղեցւոյ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու` հոգեւորական Տ․ Ստիֆանը։ Համագումարին նաեւ ներկայ…

Համերգ Կանանց Միջազգային Տօնի Առթիւ

Մարտի 16-ին, կանանց միջազգային տօնին առիթով ԻՀԲԸ միութիւնը կազմակերպեց երաժշտական համերգ` Սայաթ-Նովա երգչախումբի կատարմամբ։ Համերգին ներկայ էին` Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեան, քահանայ հայրեր, Ազգ․Կեդր․Վարչութեան անդամները, մշակութային եւ մարզական ակումբներու յանձնախումբերու…

Բանակում Գարնան Տօնի Առիթով

Մարտի 21-ին, ԻՀԲԸ միութեան մէջ կազմակերպուեցաւ բանակում գարնան տօնին՝ (Նաուրուզ)-ի առթիւ։ Ձեռնարկին ներկայ էին հոծ բազմութիւն, որոնք վայելեցին Իրաքի աւանդական եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը։ Բանակումի ընթացքին Տիկնանց Մշակութային Միութիւնը պատրաստեց պահոց…

Արցախի Շարժման 30 ամեակ

ՊՀԵԵՄ-ը Մարտ 17-ին, կազմակերպեց ձեռնարկ նուիրուած Արցախի շարժման 30 ամեակին։ Այս առիթով հնչեցին հայրենասիրական երգեր-բանաստեղծութիւններ եւ պատմական ակնարկներ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեան, քահանայ հայրեր, ՀՀ արտակարգ եւ…

Եկեղեցապետերու Ժողով

Սոյն թուականի Մարտի 15-ին Իրաքի քրիստոնեայ համայնքապետերու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանի գլխաւորութեամբ, Ռեճինէ Ալեքսանտրեանի անուան ազգային ծերանոցի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ Իրաքի եկեղեցապետերու նիստ: Նիստին մասնակցեցաւ Իրաքի…

Աւարտական Հանդէս Ազգային Վարժարանի Մէջ

Պաղտատի Ազգային Վարժարանը, 2018-ի Մարտի 10-ին, կազմակերպեց ձեռնարկ մը, նուիրուած Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան եւ վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտներուն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ազգային վարժարանի սրահին մէջ։ Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով…