Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը 2018-թ.ի մարտ 21-24 օրերուն այցելեց Իրաքի հիւսիսային շրջան՝ Էրպիլ, Զախօ, Տըհօք, Աւզրուկ եւ Հաւրեսք, մօտիկէն իրազեկ ըլլալու համայնքներու տնտեսաքաղաքական անցուդարձին ու խնդիրներուն։ Այցելուները հանդիպում ունեցան համայնքներու հոգեւորականաց դասին, վարչական կազմերուն եւ համայնքի զաւակներուն հետ։