Կազմակերպութեամբ` Իրաքահայ թեմի առաջնորդ եւ քրիստոնեայ համայնքապետերու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանի, գումարուեցաւ Իրաքի եկեղեցապետերու ժողով, որուն մասնակցեցաւ Ռուս եկեղեցւոյ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու` հոգեւորական Տ․ Ստիֆանը։ Համագումարին նաեւ ներկայ էր, Իրաքի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Պր․Մաքսիմ Մաքսիմովը։ Ժողովին քննարկուեցաւ Իրաքի քրիստոնեաներու դրութիւնը եւ անոնց խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհները։