DSC_0058

Հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանի, Հայոց Ազգային Վարժարանը Ապրիլ 21-ին, Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, հանդէս կազմակերպեց նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին Թեմիս առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանը, կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտաց ծնողներ։ Դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան  հայրենասիրական եւ գրական ելոյթներով։

About The Author

By iamc