ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Սբ․ Պատարագ Նուիրուած Ցեղասպանութեան 103-րդ Տարելիցին

DSC_0099.JPG

Պաղտատի “Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ” առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ,  ուրբաթ, Ապրիլ 27-ին,  հանդիսապետութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանի, կատարուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին։ Յաւարտ սրբ. պատարագի, գործադրուեցաւ  օրուան պատշաճ յայտագիր մը, որու ընթացքին հանդէս եկան Զուարթնոց դպրաց դասը, Ազգային Վարժարանի աշակերտութիւնը եւ Պաղտատի  մէջ գործող հայ միութենական հաստատութեանց մասնակիցները՝ ոգեւորիչ երգերով ու բանաստեղծութիւններով։ Օրուան ներկայ էին` հոգեւորականաց դասը, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Պրն․Կարէն Գրիգորեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, իսլամ կրօնապետ՝ Ամմար Հաքիմի գրասենեակէն ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

%d