Կիրակի Մայիս 6-ին Պաղտատի Սբ․Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ամենամսեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեանը։ Հայր սուրբը իր քարոսզին մէջ շեշտեց սիրոյ, յոյսի եւ հաւատքի կարեւորութիւնը։ Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանը, Կեդրոնական վարչութեան, եկեղեցպան մարմնի ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն հաւատացելոց։