Month: Մայիսի 2018

Սբ․ Պատարագ եւ Հանրապետական Մաղթանք ՀՀ 100 Ամեակի առիթով

Սոյն թուականի Մայիս 25-ին, Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակին։ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք,…

Կեդրոնական Վարչութեան Ընտրութիւններ

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանին մէջ Մայիս 18-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութիւնը։ Իրաքի Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներու ղեկավարութեամբ ընտրուեցան 7 անդամներ։ Յաջորդ օրը թեմիս առաջնորդի՝ Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․ Ասատուրեանի հրաւէրով եւ…

Աւանդական Տօնակատարութիւն Համբարձման Տօնի առթիւ

Մայիս 10-ին, Պաղտատի՝ ՀՄԸՄ-ը կազմակերպեց աւանդական-մշակութային երեկոյ, նուիրուած մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին։ Ձեռնարկի ընթացքին երէցկին՝ Ծովինար Իշխանեանը ներկայացուց Համբարձման հետ կապուած հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները․ կատարուեցան մանկական մրցոյթներ։…

Սբ․Պատարագ Համբարձման Տօնի առթիւ

Պաղտատի Սբ․Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս 10-ին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ պատարագիչն էր Տ․Մեսրոպ քհն․Գաբրիէլեանը։ Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք ու հոգեհանգստեան պաշտօն,…

Միասնական Քոչարի Պար

1918 Մայիսեան հերոսամարտերու եւ ՀՀ անկախութեան 100 ամեակին կապակցութեամբ, եւ ընդառաջելով Ֆրանսայի Կրենոպլ քաղաքի Հայկական մշակոյթի տան նախաձեռնած «Արի, պարիր Քոչարի» խորագիրով ֆլեշմոբի ծրագիրին, համայնքիս մէջ սոյն տօնակատարութիւնները համադրելու միտումով…

Ամենամսեայ Պատարագ Սբ․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի Մայիս 6-ին Պաղտատի Սբ․Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ամենամսեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեանը։ Հայր սուրբը իր քարոսզին մէջ շեշտեց սիրոյ, յոյսի եւ հաւատքի կարեւորութիւնը։…

Միջոցառում ՀՀ 100-ամեակին առիթով

Մայիս 5-ին, ՊՀԵԵ միութեան սրահին մէջ, ԻՀՏՄ միութիւնը կազմակերպեց խրախճանքի երեկոյ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին։ Ձեռնարկին ներկայ էին թեմիս բարեխնամ առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեան, հոգեւորականաց դասը, ՀՀ դեսպան…