ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՊՏՄՄ

Միջոցառում ՀՀ 100-ամեակին առիթով

DSC_0016

Մայիս 5-ին, ՊՀԵԵ միութեան սրահին մէջ, ԻՀՏՄ միութիւնը  կազմակերպեց խրախճանքի երեկոյ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին։ Ձեռնարկին ներկայ էին թեմիս բարեխնամ առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեան, հոգեւորականաց դասը, ՀՀ դեսպան Պր․ Կարէն Գրիգորեանը, կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ հիւրեր։ Համեստ յայտագրով մը, Տիկ․ Նուշիկ Մելքոնեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, որուն մէջ շեշտեց հայ կնոջ դերակատարութիւնը հայրենիքի կերտման գործին մէջ․ Օրդ․ Մարիամ Խզարճիեան երգեց “Երազի իմ երկիր” երգը․ Օրդ․ Անի Մելքոնեան ջութակով կատարեց հայկական կտոր մը․ Արամ սրկ․ Քէթէնճեան ասմունքեց իր ստեղծագործութիւններէն Մայիս 28 բանաստեղծութիւնը եւ վերջապէս Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պր․ Մելքոն Մելքոնեանը ներկայացուց օրուայ առիթով խօսքը։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: