Պաղտատի Սբ․Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս 10-ին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ պատարագիչն էր Տ․Մեսրոպ քհն․Գաբրիէլեանը։ Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք ու հոգեհանգստեան պաշտօն, նուիրուած ազգային ծերանոցի բարերար Ռեճինէ Աղեքսանդրեանի ընտանիքի ննջեցեալներուն։ Պատարագին Ներկայ էին խումբ մը հաւատացեալներ։