ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՊՀԵԵՄ

Հանդիսութիւն Մայիս 28-ի Առիթով

DSC_0079

ՊՀԵԵ միութիւնը, Մայիսի 31-ին կազմակերպեց հանդէս նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Ձեռնարկին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեանը, քահանայ հայրեր,  Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ անդամք, քոյր միութիւններու վարչութեան ատենապետներ, անդամներ եւ հոծ բազմութիւն։ Ներկաներուն ուղղուած իր շնորհաւորական խօսքին մէջ Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեանն, որն հիւրաբար կը մասնակցէր հանդիսութեան, անդրադարձաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութեանը, անոր խորհուրդին, մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան և ընդհանրապէս պետականութեան շարունակականութեան գործընթացին, ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին քաղաքական զարգացումները։  Դեսպանը նշեց, որ Մայիսի 28-ը մեծ խորհուրդ ունի մեր ժողովրդի կեանքին մէջ, այն է՝ պետականութեան վերականգնումն ու անոր  պահպանումը։  Եզրափակելով խօսքը` դեսպանը նշեց, որ հայ ժողովրդի յարատեւութեան գրաւականը մեր ազատութիւնն ու պետական գիտակցութիւնն են, որն բեկումնային պահերուն ուղղորդող դեր խաղցած է։  Հանդիսութեան աւարտին ՀՀ դեսպան Գրիգորեանի միջոցաւ, Իրաքի ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանին յանձնուեցաւ «Մխիթար Գոշ» մետալը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաև Հայապահպանութեան գործերու ներդրած աւանդի համար, իսկ Իրաքահայ համայնքի  կրթական մշակ՝ երէցկին Ծովինար Իշխանեանին ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ՝ յուշամետալ երիտասարդութեան ուսուցման, հայեցի դաստիարակութեան ու մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար։  Միջոցառման ընթացքին հնչեցին, ասմունքներ, պատմական ակնարկներ, հայկական ազգային երգերու եւ պարերու կատարումներ։   Նախօրեակին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ կազմակերպուած էին նաև Պասրա և Տըհօք քաղաքներուն մէջ, իսկ Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած էր հանրապետական մաղթանք։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: