Սոյն թուականի Մայիսի 28-ին, Տըհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ՝ «Մասիս» սրահին մէջ, Սարկաւագաց եւ Շնորհալի դպրաց դասին կողմէ՝ կազմակերպուած է ձեռնարկ մը, նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100 ամեակին։ Ձեռնարկին ներկայ էին Տըհօքի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Մասիս քհնյ.Շահինեան, Քիւրտիստանի խորհրդարանի հայ Երեսփոխան՝ Պր. Երուանդ Էմինեան եւ տեղի համայնքի թաղական խորհուրդի անդամները, Տըհօքի, Զախոյի, Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի համայնքներու հաւատաւոր զաւակները։