Ուրբաթ օր, ամսոյս 24ին Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Տհօքի Սբ. ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ առաջնորդ` Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի։ Պատարագիչն էր Հոգեշնորհ Տ. Ներսէհ Վարդապետ Խալաթեանը, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Սուրբ Էջմիածինէն ժամանած է Իրաք՝ մասնակցելու Իրաքահայոց Թեմի առաջնորդական ընտրութեան գործընթացին։ Մասնակցութեամբ սոյն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ. Մասիս քհնյ․ Շահինեանի։ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հայաստանէն ժամանած Վարդապետ Ներսէս Խալաթեանը Եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպեցան Տհօքի համայնքի զաւակներուն հետ, ծանօթացան անոնց մօտէն եւ ունեցան ջերմ ու եղբայրական զրոյցներ։






























