Սոյն թուականի Յուլիսի 3-ին հովանաւորութեամբ ազգ. կեդր. վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՊՀԵԵՄ-ը տեղի ունեցաւ հանդիպում-դասախօսութիւն «Վերադարձ Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադրամի տնօրէն Պր. Վարդան Մարաշլեանի հետ։ Այս կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2012 թուականին՝ ոչ կառավարական եւ ոչ շահութաբեր է՝ նպատակ ունի օգնել հայրենադաձներուն հաստատուելու Մայր Հայրենիքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ աշխատանքի, ուսման եւ բնակութեան խնդիրները։ Դասախօսութեանը ներկայ էին Հոգեշնորհ Տէր Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեանը, Արժանապատիւ Տէր Նարեկ քհն. Իշխանեան, ՀՀ դեսպան Պր. Կարէն Գրիգորեանը, դեսպանութեան կցորդ Պր. Սմբատ Խաչատրեանը, ազգ. կեդր. վարչութեան, Պաղտատի միութենական հաստատութիւններու ատենապետներ, անդամք եւ հոծ բազմութիւն թեմիս զաւակաց։