Տըհօքի Սբ. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ, Օգոստոս 12-ին երեկոյեան ժամը 6-ին, Սբ. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը մատուցեց Սուրբ եւ անմահ պատարագ: Խաղողօրհնէքը այս տարի կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակաց խաչքարին առջեւ: Արարողութեան մասնակցեցան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 300 թեմիս բարեպաշտ զաւակներ։ Օրուան ներկայ էր նաեւ Քիւրտիստանի խորհրդարանի հայ Երեսփոխան Պր. Երուանդ Էմինեան եւ Տըհօքի Սբ.Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի բոլոր անդամները։