Մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Իրաքահայ համայնքի մտաւորական, բանաստեղծ եւ մայրենի լեզուի ուսուցիչ Արամ սրկ. Քեթենճեանը տարւոյս Օգոստոսին արժանացաւ ըլլալու «Համահայկական Գրողների Միութեան» անդամ։ Յիշելու ենք որ Պր. Քէթէնճեանը հեղինակն է՝ բանաստեղծութիւններու չորս գիրքերու։ 2010ին ան անդամակցած է «Հայ Գրողներու Միաւորման»։ Եղած է Առաջնորդարանիս «Կանթեղ» եռամսեայ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, ինչպէս նաեւ Ազգային Տարրական Երկսեռ Վարժարանի «Մաշտոց» տարեգիրքի գլխաւոր խմբագիր։ Այս առիթով կը շնորհաւորենք զինք, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ գրական մարզին մէջ նորանոր յաջողութիւններ։ Ստորեւ նմոյշ մը իր բանաստեղծութիւններէն, որը նուիրուած է Պաղտատի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ 60 ամեակին։