ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հանդիպում ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Հետ

IMG_4649

Ընդառաջելով ՀՀ Սփիւռքի մեծարգոյ նախարարի փափաքին, տարւոյս Օգոստոսի 14-ին Սփիւռքի նախարարութիւն այցելեցին Իրաքի մէջ գործող ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն․Կարէն Գրիգորեանը, Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ պրն․ Գէորգ Գատոյեանը, վարչութեան անդամներ  պրնք․Վարդան Վարդանեանը եւ Արամ Քէթէնճեանը, Հայ Տիկնանց մշակութային միութեան ատենապետ Նուշիկ Մելքոնեանը եւ Հայաստանի մէջ Իրաքահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարանդ Պետրոսեանը։ Հիւրերուն ողջունելով՝ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը նշեց․ «Ուրախ եմ ընդունել ձեզ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, ինձ համար մեծ պատիւ է որ այստեղ էք։ Չնայած բոլոր դժուարութիւններին եւ մարտահրաւէրներին որոնց առերեսւում է Իրաքի հայ համայնքը, Հայաստանի կառավարութիւնը, Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ անելիքներ ունեն ձեր թիկունքին կանգնելու համար։ Այսօր սակայն դուք էք կանգնել Հայաստանի թիկունքին։ Չափազանց կարեւոր է, անգնահատելի է ձեր աջակցութիւնը սահմանամերձ Խաչիկ գիւղին»։ Հայանպաստ ակտիւ գործունէութեան, հզօր, խաղաղ եւ ապահով Հայաստան ունենալուն, սահմանամերձ գիւղերու համաչափ զարգացման, ուղղուած  գործունէութեան համար նախարարը Իրաքի Հայ Համայնքին պարգեւատրեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով։ Ապա պարոն նախարարը շնորհակալագրեր յանձնեց Իրաքի ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Գ․ Գատոյեանին, վարչութեան գանձապահ Վ․ Վարդանեանին ու Հայաստանի Մէջ համայնքիս ներկայացուցիչ Վ․ Պետրոսեանին։

Այս առիթով ՀՀ դեսպան Պրն․ Կարէն Գրիգորեանը խօսեցաւ համայնքի առջեւ ծառացած դժուարութիւններու մասին՝ շեշտեց, որ համայնքն իր ունեցած փոքր հնարաւորութիւններով  կատարած է առաւելագոյնը, ինչը դէպի հայրենիքն ունեցած վերաբերմունքի դրսեւորումն է։ Վարչութեան փոխ ատենապետ Գ․ Գատոյեան իր շնորհակալական խօսքը յայտնեց նշելով Հայրենիքի զարգացման նպաստելու Իրաքի հայ համայնքի պատրաստակամութեան մասին։ 2003ին ընտանիքով հայրենադարձած Վ․ Պետրոսեանը աւելցուց․ «Այս հողի վրայ է որ պիտի կերտենք մեր ներկան ու ապագան»։ Վարչութեան ատենադպիր Ա․ Քէթէնճեան իր գրաւոր խօսքին մէջ խնդակցութիւն յայտնեց տարուած բեղմնաւոր աշխատանքին համար ան շեշտեց որ իւրաքանչիւր հայ վսեմ պարտականութիւն ունի իր ներդրումը բերելու հայրենիքի բարգաւաճման համար։ Խօսքի աւարտին ան ասմունքեց «Արտագաղթ» խորագրեալ իր բանաստեղծութեան վերջին քառատողը՝ կոչ ընելով բոլոր հայերուն վերջնականապէս հաստատուելու բիբլիական Արարատի շուքին տակ։

Թո՛ղ բարքերը խաբուսիկ,

Կառչիր հողիդ իմ բալիկ,

Եղիր պաշտպան ու ծառան՝

Հայաստանիդ անուշիկ։

Ետքը Ա․ Քէթէնճեան իր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոներէն երկուքը  նուիրեց մեծարգոյ նախարարին ։

 Յիշատակութեան արժանի է, որ 2018 մարտին  սահմանամերձ խաչիկ գիւղին, նախկին կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած է ջրազտիչ աւազանի կառուցում , 500 մ խմելու ջուրի խողովակի անցկացումը եւ 2500 պտղատու ծառերու տրամադրում։

“Նիւթի խմբագրութեան համար օգտագործած ենք Հայերն Այսօր կայք էջէն 23-8-2018”

Print Friendly, PDF & Email

About The Author