Տըհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ Մասիս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի հանդէս որը կազմակերպուեցաւ Տըհօքի Կիրակնօրիայի ուսուցչական կազմի եւ ընկերային յանձնախումբի ջանքերով։ Ձեռնարկին մասնակցեցան կիրակնօրիայի աշակերտները, ՛՛Նանոր՛՛ երգչախոմբը եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Այս առիթով նուէրներ բաժնուեցան դասընթացքները աւարտող աշակերտներուն ու ՛՛կիրակնօրիայ դպրոց ՛՛ յաճախողներուն։