Իրաքի Հայոց բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ.Աւագ արք.Ասատուրեան Փետրուարի 2-ին այցելեց Իրաքի Մշակոյթի նախարար՝ դոկտ. Ապտուլ Ամիր Ալ-Համտանիին, նախարարի հօրեղբօր մահուան առթիւ ցաւակցութիւն յայտնելու: Նախարարը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր կողքին էին այս տխուր պահերուն: Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Առաջնորդարանի առընթեր գործող Մշակութային յանձնախումբի պատասխանատու՝ պրն. Արա Եսայեանը: