ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Տեառնըդառաջի Տօնակատարութիւնը Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ

DSC_0064

Փետրուար 13-ին, երեկոյեան, Առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ՛ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն աւարտին Սրբազան Հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցելէ ետք թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը:   Այս տօնակատարութեան ներկայ էին Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Պր․ Հրաչեայ Փոլատեան, դեսպանութեան կցորդ՝ Պր․ Ալիք Ղարիպեան: Աւարտին Սրբազան Հօր օրհնութեամբ ներկաները հիւրասիրուեցան Հայոց դպրոցի սրահին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author