Skip to content

Փետրուար 14-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ նշուեցաւ Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 37-րդ ամեակը, մասնակցութեամբ Կենդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն առաջնորդարանի անձնակազմին: Ներկաները իրենց բարեմաղթանքները յայտնեցին Սրբազան Հօր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 37-րդ ամեակին առիթով: Աւարտին Սրբազան Հայրը իր Հայրական պատգամը յղեց բոլորին մաղթելով անոնց գործոց նորանոր յաջողութիւններ։
Like this:
Like Loading...