ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՀՄԸՄ

ՀՀ դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեանը Այցելեց ՀՄԸՄ

51755776_10215732737726025_4702851170345943040_o.jpg

Փետրուար 13-ին, ՀՄԸՄ-ի վարչութեան հրաւէրով, Իրաքի մօտ ՀՀ լիազօր եւ  արտակարգ դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեանը, ընկերակցութեամբ դեսպանութեան կցորդ Պր․ Ալիք Ղարիպեանի, այցելեց ՀՄԸՄ, որոն ընդունեցին    միութեան ատենապետ՝ Պր․ Կարապետ  Գալուստեանը, արժ.Տ. Նարեկ Ա․Քհնյ․Իշխանեանը եւ տիկնանց ու սկաուտական յանձնախուբերու անդամները։ Դեսպանը  շրջապտոյտ մը  կատարեց միութեան մէջ, ծանօթացաւ մարզական սրահներուն եւ անոնց մէջ իրականացուող ձեռնակներուն։  Այցելութեան աւարտին   Պր․ Գալուստեան, որպէս յուշանուէր, անոր յանձնեց ՀՄԸՄ-ի վահանը, որմէ ետք Դեսպանը  միութեան մատեանին մէջ արձանագրեց իր տպաւորութիւնները, ՀՄԸՄ-ին մաղթելով նորանոր յաջողութիւներ։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: